2016-11-18 10:01:00

Պրիւքսելի մէջ ցոյց` թրքական իշխանութիւններու դէմ:


Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վարած բռնապետական քաղաքականութեան դէմ տեղի ունեցած է բազմամարդ բողոքի ցոյց, որուն մասնակցած են քիւրտեր, հայեր եւ ասորիներ: Այս մասին՝ ըստ Թերթ․ամ-ի՝  կը հաղորդէ թրքական dayanisma.net կայքը:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները դատապարտած են Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ) պատգամաւորներու եւ երկու համանախագահներու ձերբակալութիւններն ու լրագրողներու դէմ սկսած բռնաճնշումները:

Կը նշուի, որ ցոյցին մասնակցած է շուրջ 10.000 մարդ:

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 4-ին Տիարպեքիրի եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած են քրտամէտ ԺԺԿ-ի 10-էն աւելի անդամներ, որոնց մէջ` կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տէմիրթաշն ու Ֆիգեն Եուքսեքտաղը:

Աւելի առաջ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ յատուկ գործողութիւն մը իրականացուցած է ընդդիմադիր «Ճումհուրիէթ» թերթի աշխատակիցներուն դէմ: Խուզարկութիւններ իրականացուած են թերթի տնօրէնին, խմբագիրներուն եւ շարք մը սիւնակագիրներու տուներուն մէջ: Ձերբակալուած է նաեւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Մուրադ Սապունճուն:

Օրերս Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Օմեր Չելիքը քննադատած էր պելճիքական դատարանի` «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման վերաբերեալ որոշումը, որուն համաձայն ՔԱԿ-ի գործողութիւնները ահաբեկչական յանցագործութիւն չեն համարուիր, քանի որ «խմբաւորումը կը գտնուի զինուած պայքարի մէջ»:

Այսօր ալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը մեղադրած է Պելճիքայի իշխանութիւնները «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման զինեալներուն եւ Թուրքիոյ մէջ Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձի գլխաւոր կազմակերպիչ համարուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժման անդամներուն աջակցելուն համար:

«Պելճիքան ոչ միան ՔԱԿ-ի, այլեւ կիւլենականներուն կարեւոր ապաստանն է»,- ըսած է Քալընը:








All the contents on this site are copyrighted ©.